Կարեւոր Կէտեր
- Աւստրալիոյ Բնիկ ժողովուրդները մէկ միատարր խումբ մը չեն:
- Մօտաւորապէս կան 500 Ազգեր, իւրաքանչիւրը տարբեր մշակոյթներով, կենցաղով և ազգականական կապերով:
- Բազմազանութիւնը հասկնալը էական է իմաստալից յարաբերութիւններ կերտելու համար Բնիկ Ժողովուրդներուն հետ:
Աւստրալիոյ բնիկ բնակչութեան hարուստ բազմազանութիւնը գրաւիչ երեւոյթ մըն է, հակառակ այն սխալ պատկերացումին թէ բոլոր Բնիկ և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներ կը պատկանին մէկ միատարր խումբի մը:
Իրականութեան մէջ, Բնիկ ժողովուրդը կը ներկայացնէ խճանկար մը մշակոյթներու, լեզուներու, ապրելակերպի և ազգականական կառուցուածքներու:
Այս բազմազանութիւնը հասկնալու ամենալաւ միջոցներէն մէկն է ին նայիլը, կը բացատրէ Aunty Munya Andrews, Ապօրիճին երեց մը Արեւմտեան Աւստրալիոյ Kimberley շրջանի Bardi Երկրէն:
“Կը հրաւիրենք մարդիկ որ նային քարտէզին որովհետեւ այդտեղ կան մօտ 500 Ազգեր: Իւրաքանչիւր Ազգ իր իւրայատուկ լեզուն ունի կամ նոյն լեզուն ունի ուրիշի մը հետ:”
Carla Rogers (left) and Aunty Munya Andrews (right), Evolve Communities Credit: Evolve Communities
“Միայն նայելով Ապօրիճին արուեստի մը, ես գիտեմ թէ ճշգրիտ Աւստրալիոյ որ մէկ մասէն կ’ուգայ: Այդքան յատկանշական է: Մարդոց մեծամասնութիւնը կէտաւոր նկարչութիւնը կը կապեն Ապօրիճին մշակոյթին հետ, բայց այդ միայն մէկ Ազգի կը պատկանի:”
“Երբ կը նայիք Պարտի ժողովուրդին, իմ ժողովուրդիս, մենք աղաջուր ժողովուրդ ենք, մեր արուեստը նման է այլ կղզեցիներու արուեստին աշխարհի տարածքին, քանի որ երկրաչափական նկարչութիւններ են, որոնք կը պատկերեն ալիքները և բոլորովին կէտաւոր նկարչութիւն չեն,” կ’ըսէ ան:
Aunty Munya հեղինակ մը, փաստաբան մը, և համա-տնօրէնը Evolve Communities կազմակերպութեան, կը շեշտէ որ մարդիկ պէտք է հասկնան որ երբ մէկը կը փորձէ կապեր հաստատել բնիկ ժողովուրդներու հետ, պէտք է հասկնայ կարեւորութիւնը այն իրողութեան որ բնիկները միատարր ժողովուրդ մը չեն:
Կարեւոր քայլ մըն է ցոյց տալու համար յարգանք համայնքի մը սովորութիւններուն և աւանդութիւններուն, թոյլ տալով անձին որ իմաստալից յարաբերութիւններ հաստատէ:
Carla Rogers Բնիկ մըն է որ մօտիկէն կ’աշխատի Aunty Munya-ի հետ: Ան կ’աւելցնէ որ բազմազանութեան այս գիտակցութիւնը կենսական է հասկնալու համար Աւստրալիոյ համատեղ կիսուած պատմութիւնը և հասկնալու թէ ինչու այսօր տակաւին ճեղքուածքներ կան բնիկ և ոչ բնիկ աւստրալիացիներու միջեւ:
“Երբ Աւստրալիա առաջին անգամ գաղութականացուեցաւ (և կը շարունակուի), այս բազմազանութեան անգիտակցութիւնն է որ կեդրոնը կը գտնուի մեր խնդիրներուն: Խնդիրներէն շատերու պատճառը, որոնք մենք այսօր ունինք, այն է որ Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու ժողովուրդներ կը դիտուին որպէս մէկ միատարր խումբ և այս հարուստ բազմազանութեան չճանչնալը,” կ’ըսէ ան:
The Indigenous peoples of Australia are not one homogenous group. - Belinda Howell/Getty Source: Moment RF / Belinda Howell/Getty Images
Աւստրալիա միշտ բազմամշակութային եղած է
Բնիկ ժողովուրդներ մասնագէտ են բազմամշակութայնութեան, կ’ըսէ Aunty Munya:
“Ժողովուրդս բազմամշակութայնութեան հետ գործ ունի հազարաւոր տարիներէ ի վեր: Մենք սորուեցանք հաղորդակցիլ այլ Ապօրիճին խումբերու հետ, սորուեցանք խօսիլ որոշ տարբեր լեզուներ,” կը բացատրէ ան:
Կարեւոր է ճանչնալ անհատներ ինչպէս Dr Mariko Smith որ ունի Բնիկ և մշակութային ժառանգութիւն, այսպէսով հարստացնելով Առաջին Աւստրալիացիներու բազմազանութիւնը:
Անոր հայրը Yuin Ազգէն է New South Wales-ի հարաւային ծովեզերեայ շրջանէն, մինչ մայրը Ճափոնի Kyushu շրջանի Kokura քաղաքէն է:
“Որոշ մարդիկ կ’ենթադրեն որ իմ ճափոնցի և Ապօրիճին ծագումին հետեւանքով ես Հիւսիսային և հիւսիս արեւմտեան Աւստրալիայէն եմ, ուր ժամանակին կար ճափոնական մարգարիտի ճարտարարուեստը,
“Սակայն իմ ծնողքս հանդիպեցան Kyushu-ի սրճարանի մը մէջ երբ հայրս կը ճամբորդէր Ճափոնի մէջ: Անոնք ամուսնացան Ճափոնի մէջ և ապա ան մօրս բերաւ Աւստրալիա:”
Մեծնալով, Dr Smith ենթարկուեցաւ ցեղապաշտ անարգանքներու իր ասիական արտաքին տեսքին համար սակայն կ’ըսէ որ այս արտայայտութիւնները աւելի սաստկացան երբ մարդիկ յայտնաբերեցին որ ինք նաեւ Ապօրիճին էր:
Dr Mariko Smith Credit: Anna Kucera Credit: Anna Kucera/Anna Kucera
“Մարդիկ կրնան մտածել որ հանդիպած չեն Ապօրիճին անձի մը իրենց կեանքին մէջ, սակայն հաւանականութիւն կայ որ հանդիպած են, սակայն այդ անձերը չէին համապատասխանէր մարդոց կարծրատիպներուն և գաղափարներուն:”
Dr Smith կ’ըսէ որ ժամանակակից Աւստրալիա, ըլլալով բազմամշակութային, ամբողջական հասարակութիւն դառնալու համար առանց բացառութիւններու, պէտք է ճանչնայ և ընդունի բազմազանութիւնը որ գոյութիւն ունի Բնիկ բնակիչներուն միջեւ:
“Եթէ կը մտածէք Ապօրիճին ժողովուրդի մասին շատ պարզունակ ձեւով, այն ժամանակ կան միայն պարզունակ լուծումներ: Այնքան բարդ, բազմազան հասկացողութիւն մըն է որ կը պահանջէ համապարփակ և բազմազան լուծումներ:”
Carla Rogers կը բացատրէ որ մարդիկ կրնան սխալներ գործել երբ ոչ Բնիկ մարդիկ չեն հասկնար այդ բազմազանութիւնը:
“Կրնանք բան մը ըսել որ կրնայ շատ վիրաւորական ըլլալ, բան մը որ կրնայ հաւանականօրէն ցեղապաշտ ըլլալ: Արգելք մըն է համերաշխութեան:”
Կրնանք՞ աւելի իմանալ Բնիկներու բազմազանութեան մասին
Ինչպէս որ մարդիկ պիտի ընէին եթէ ճամբորդէին Եւրոպայի մէջէն, պէտք է սկսիլ քարտէզով, սկսիլ նայիլ քարտէզին և ուսումնասիրել այն երկիրը որուն վրայ անձը կը գտնուի, ուսումնասիրել անոնց մշակոյթը և լեզուները:
“Եթէ կը ճամբորդէք երկու ժամէն աւելի, օրինակի համար Սիտնիէն, այն ժամանակ կ’անցնիք տարբեր երկիրներու մէջէն, կ’ըսէ Rogers:
Աւելի խոր ըմբռնելու համար Երկրի մասին, ներառեալ աւանդական տէրերը և պատմութիւնը, Հողի Խորհուրդը և Տեղական Քաղաքապետարանը լաւ սկզբնակէտեր են:
Aunty Munya կ’ըսէ որ “ինքնա-կրթութեան” մասին է:
“Իմացէք որչափ կարելի է շատ, զբաղեցէք Առաջին Երկիրներու Ժողովուրդներով: Վախնալու կարիք չկայ, պարզապէս դուք ձեզ ծանօթացուցէք գացէք համայնքային ձեռնարկներու:”
Բաւական քաջութիւն ունենալն է առաջին քայլը առնելու իմանալու համար Առաջին Ժողովուրդներու մասին: