ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
- Աւստրալիոյ Օրը կը նշէ այն օրը երբ պրիթանացիներ բարձրացուցին պրիթանական դրօշը Սիտնի Քովի մէջ 1788 թուականին:
- Յունուար 26-ը կը նշէ պրիթանական գաղութատիրութեան սկզբնաւորութիւնը, ցաւալի մասը ապորիճին և Թորրես Նեղուցի կղզեցիներու պատմութեան:
- Հարցախոյզներ ցոյց կ’ուտան որ աւստրալիացիներու մեծամասնութիւնը կ’ուզեն որ Աւստրալիոյ Օրը մնայ Յունուար 26-ին:
Յունուար 26-ը պաշտօնապէս Աւստրալիոյ Օր է, երկրի ազգային օրը: Սակայն բնիկ ժողովուրդին համար, և աճող թիւով աւստրալիացիներու համար, այս տօնելու օր մը չէ:
Պո Սբիրիմ, Քամիլլա-Րոյ, Քումա և Մուրրաուարի մարդ մըն է: Ան կը նկարագրէ օրուայ զգացմունքային ծանրութիւնը:
“Ինծի համար, երբ օրը կը հասնի, առաւօտը, կը թուի թէ թաղումի կ’երթամ: Գիտեմ որ վատ բան մը պատահած է: Շատ մռայլ զգացում մըն է:”
Ինչու՞ Աւստրալիոյ Օրը կը նշուի Յունուար 26-ին
Յունուար 26, 1788 թուականին, պրիթանացիներ բարձրացուցին Միացեալ Թագաւորութեան դրօշը Սիտնի Քովի մէջ, սկսելով գաղութատիրութիւնը:
Աւստրալիոյ Օրը Յունուար 26-ին կը նշուի 1935 թուականէն, սակայն ազգային արձակուրդ դարձաւ միայն 1994-ին:
Որոշ աւստրալիացիներ օրը կը նշեն խորովածներ կազմակերպելով իրենց ընտանիքի անդամներու և ընկերներու հետ, ծովեզերք երթալով կամ հրախաղեր դիտելով: Բազմաթիւ քաղաքացիութեան արարողութիւններ եւս կը կատարուին նոյն օրը:
Սակայն 1938 թուականէն, Յունուար 26-ի դէմ ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի կղզեցի ժողովուրդներ կը բողոքեն որպէս “Սուգի Օր” մը: Աճող թիւ մը աւստրալիացիներու եւս կը մերժեն նշել օրը և կ’ուզեն որ ազգային արձակուրդը փոխուի ուրիշ թուականի մը:
Invasion Day Rally in Brisbane, 2024 Source: AAP / JONO SEARLE
Ինչու՞ ցաւալի օր մըն է բնիկ աւստրալիացիներուն համար
Տոքթ. Սամմըր Մէյ Ֆինլի, Եօրթա Եօրթա կին մը և աւագ դասախօս մը Ուոլլոնկոնկ համալսարանին մէջ, կը բացատրէ որ Յունուար 26-ը ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի ժողովուրդներուն համար կը ներկայացնէ իրենց տառապանքներուն սկզբնաւորութիւնը:
“Ցեղապաշտութեան սկզբնաւորութիւնն է, խտրականութեան սկզբնաւորութիւնն է, սկզբնաւորութիւնն է ժամանակի մը երբ մեր ժողովուրդը իրաւունքէ զրկուեցաւ երկրէ մը, որու վրայ մեր նախնիները կը քալէին 65,000 տարիներէ ի վեր:”
Պրիթանական գաղութատիրութիւնը աւերիչ եղաւ բնիկ աւստրալիացիներուն համար, որոնք դիմագրաւեցին հողի կորուստ, ջարդեր, ներմուծուած հիւանդութիւններ և երեխաներու բռնի հեռացում:
Գաղութատիրութեան ազդեցութիւնները, ներառեալ համակարգուած խտրականութիւն, վատ առողջութիւն, և արդարութեան դրութեան մէջ չափէն աւելի բնիկներու ներկայացում, տակաւին մինչեւ օրս կը զգացուին:
Տոքթ. Ֆինլի կը յորդորէ բոլոր աւստրալիացիները որ սորվին իրենց երկրի պատմութիւնը:
“Աւստրալիա հոյակապ երկիր մըն է և մարդիկ, որոնք այս երկիրը կ’ուգան և նոր քաղաքացիներ են, պիտի ճանչնան այս իրողութիւնը: Սակայն միաժամանակ պատմութիւն մը ունինք այս երկրին մէջ, որ հոյակապ չէ և մասնաւորապէս լաւ ճանչցուած չէ:”
Փոխել՞, ճանչնալ՞ կամ ջնջել օրը
Հետազօտութիւններ ցոյց կ’ուտան որ : Սակայն ամէն տարի, մարդիկ կան, որոնք կ’ուզեն որ ազգային արձակուրդի օրը փոխուի:
Բազմաթիւ բնիկ աւստրալիացիներ կ’ուզեն որ թուականը փոխուի, սակայն ուրիշներ կը նախընտրեն, որ ոչ թէ թուականը փոխուի, այլ պատմութիւնը ճանչցուի: Ուրիշներ, ինչպէս Պո Սբիրիմ, կ’ուզեն որ օրը ամբողջութեամբ ջնջուի:
“Գաղութատիրական հասկացողութեան մասին է, որ այս երկիրը խաղաղ կերպով հաստատուեցաւ կամ, ինչ որ պատահեցաւ ապորիճին ժողովուրդին հետ, պէտք չէ ճանչցուի:”
People gather outside Victorian Parliament for the Invasion Day rally, 2024. Source: AAP / Diego Fedele
Ինչպէս՞ յարգալից կերպով նշել Յունուար 26-ը
Բնիկ խումբեր, Յունուար 26-ին երկրի տարածքին կը կազմակերպեն երթեր, ցոյցեր, արշալոյսի արարողութիւններ և մշակութային ձեռնարկներ, օրը կոչելով “Ներխուժումի Օր” կամ “Վերապրումի Օր”:
Տոքթ. Ֆինլի կը նկարագրէ թէ ինչպէս այս իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան և ով՞ կրնայ մասնակցիլ:
“Խաղաղ երթեր կը կազմակերպուին փողոցներուն մէջ, որպէս բողոք: Ես մասնակցեցայ մի քանի երթերու Մելպըրնի մէջ երբ այնտեղ կը բնակէի: Հոյակապ միջոց է որ ընտանիքներ միանան, անկախ այն հանգամանքէն եթէ անոնք ապորիճին և Թորրես Նեղուցի կղզեցի ընտանիքներ են կամ բնիկ ընտանիքներ չեն:”
Ռանա Հուսէյն, Reconciliation Australia խորհուրդի անդամ է, ոչ շահութաբեր հիմնարկ մը, որ կը նպաստէ բնիկ և ոչ բնիկ աւստրալիացիներու միջեւ հաշտութեան: Ան կ’ըսէ որ այս հանդիպումները յոյս և միութիւն կը ներշնչեն:
“Համերաշխութեան զգացումը կ’ունենաք և յաճախ յոյսի զգացում խումբի մէջ գտնուելով: Որպէս դաշնակիցներ, կը կարծեմ որ կարեւոր է որ առաջին ժողովուրդներու կողքին մնանք մինչ անոնք կը փորձեն թուականը փոխել կամ աւելի ճանաչում ստանալ թէ այս թուականը ինչ կը ներկայացնէ իրենց համար:”
Ճանչնալով թուականի զգայնութիւնը, որոշ քաղաքապետարաններ այժմ դադրեցուցած են Յունուար 26-ին քաղաքացիական արարողութիւններ կատարելը: Որոշ աշխատատեղեր իրենց գործաւորներուն այլընտրանք կ’ուտան աշխատելու նոյն օրը կամ փոխարենը այլ օր մը վերցնելու արձակուրդի համար:
New Australian citizens, Broken Hill, NSW Source: AAP / STUART WALMSLEY
Ինչպէս ներգաղթողներ կրնան առնչուիլ բնիկ աւստրալիացիներուն հետ
Պարոն Սբիրիմ կ'ուզէ որ ներգաղթողներ, որոնցմէ շատերը պատերազմներու և գրաւումի փորձառութիւնը ունին, կարեկցին բնիկներու պայքարին հետ: Նեցուկ կանգնին ապորիճին ժողովուրդի արդարութեան պահանջին, յատկապէս որ շատեր նման պատմութիւններ ունին:
“Զարմանալի է որ մարդիկ այստեղ կ’ուգան և ձեւով մը խաղաղութիւն կը գտնեն: 26 Յունուար 1788-էն, մենք արդարութիւն չենք գտած, մենք խաղաղութիւն չենք գտած,” կ’ըսէ ան:
Ռանա Հուսէյն կ'ըսէ որ Յունուար 26-ի հարցը պէտք է մտահոգէ բոլոր աւստրալիացիները, ոչ միայն բնիկ ժողովուրդը:
“Կը կարծեմ որ շատ մը մարդիկ կը մտածեն որ տխրութիւնը և վիշտը միայն բնիկ ազգերու ժողովուրդներու կը վերաբերին, սակայն ամէն անձ որ կը ճանչնայ այդ օրուայ նշանակութիւնը կրնայ միայն բարդ զգալ այդ օրուայ նկատմամբ: Ես հնդիկ ներգաղթողներու զաւակ եմ, մենք մեր պատմութիւնը ունինք գաղութատիրութեան և պրիթանական գաղութատիրութեան:”
Որպէս երկրորդ սերունդի ներգաղթող մը, Տիկին Հուսէյն կը հասկնայ թէ ինչու՞ շատ մը ներգաղթողներ կ’ուզեն նշել իրենց նոր ինքնութիւնը:
Սակայն ան կը հաւատայ որ բոլոր աւստրալիացիները պէտք է լուրջ խօսակցութիւն ունենան մեր երկրի իրական պատմութեան շուրջ, գտնելէ առաջ միջոց մը որ հնարաւորութիւն կ’ուտայ բոլորիս որ միասին նշենք ազգային օրը:
“Կը կարծեմ որ որպէս երկիր, պէտք է ունենանք այդ խօսակցութիւնը և ապա կրնանք խօսիլ թէ ինչ՞ օր պէտք է տօնենք, յարմար օր մը որ մեզ բոլորս կը միաւորէ:”
Subscribe or follow the Australia Explained podcast for more valuable information and tips about settling into your new life in Australia.
Do you have any questions or topic ideas? Send us an email to