Tourism Australia տեղեակ է որ աճող հետաքրքրութիւն կայ Առաջին Ազգերու զբօսաշրջութեան հանդէպ, մինչ ճամբորդներ կը փնտռեն իւրօրինակ և մշակութայնապէս հմայիչ փորձառութիւններ:
Զբօսաշրջիկներ աւելի կ’ուզեն իմանալ բնիկ ժողովուրդի և երկրի մասին կ’ըսէ Նիքոլ Միչըլ: Ան Գործադիր Պաշտօնեան է Discover Aboriginal Experiences-ի, Tourism Australia-ի համայնական խումբ մը, որ կը գովազդէ Առաջին Ազգերու զբօսաշրջութիւնը:
“2023-ին, 969,000 միջազգային այցելուներ ունէինք, որոնք մասնակցեցան բնիկներու զբօսաշրջութեան փորձառութիւններուն մինչ կը ճամբորդէին Աւստրալիոյ մէջ,” կ’ըսէ Տիկին Միչըլ:
“2019-էն 2023 թուականներուն 22 առ հարիւր աճ արձանագրեց ներքին ճամբորդութիւնը: Այդ 1.185 միլիոն ներքին այցելուներ են որոնք ունեցան Բնիկներու փորձառութիւնը”:
Տիկին Միչըլ կ’ըսէ որ համայնքային խումբին մէջ իւրաքանչիւր զբօսաշրջային փորձառութիւն, կ'առաջնորդուի ապորիճին կամ Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու խումբերու կողմէ:
Jarramali Rock Art Tour Credit: The Edit Suite/Tourism Australia
Սեփական պատմութիւնը պատմել
Քուքու Եալանճի մարդ, Ուան Ուօքըր, կը վարէ Walkabout Culture Adventures զբօսաշրջային ընկերութիւնը Հեռաւոր Հիւսիսային Քուինզլանտի մէջ:
“Կը կարծեմ որ եթէ կ’իմանաք ապորիճին մշակոյթի և պատմութեան մասին, աւելի լաւ է որ սորվիք ապորիճին ժողովուրդէն ստանալու համար ապորիճին տեսակէտը”:
No better way than from learning from the oldest living cultures that have occupied those areas since the beginning.Juan Walker, Walkabout Culture Adventures
Պարոն Ուօքըր այցելուներ կը տանի շրջաններ որպէսզի սորվին 135 միլիոն տարեկան հոյակապ Daintree Rainforest անձրեւային անտառի մասին Port Douglas-ի մօտակայքը:
Պատմութեան, աւանդութիւններու և բնական աղբիւրներու վերաբերեալ ան իր խոր գիտելիքները կը պատմէ և կը քաջալերէ այցելուները որ համտեսեն տեղական ուտելիքները:
Ուտելիքը լաւ միջոց է ծանօթացնելու երկիրը զբօսաշրջիկներուն:
Բնիկներու ուտելիքի փորձառութիւնը այժմ կը գլխաւորէ ժողովրդականութիւն վայելով զբօսապտոյտներու ցանկը:
Tourism Australia recognises the growing interest in First Nations tourism as travellers seek out authentic and culturally immersive experiences.
Հասանելի դարձնել մեր բնաշխարհի պատմութիւնները
Մեր տպաւորիչ բնութիւնը միայն ոտքով չէ որ կը հետազօտուին, կան նաւով շրջագայութիւններ, գեղատեսիլ թռիչքներ և 4WD զբօսարշաւներ, իսկ յարմարութիւնները կ’ընդգրկեն ճամբարներու մէջ կեցութենէն մինչեւ շքեղ բնակարաններ:
Մեր Ազգային Զբօսայգիները ունին աշխարհի ամենահին ժայրարուեստի նմոյշներէն, շատերը 20,000 տարեկան են: Բնիկ առաջնորդներ կրնան բացայայտել այս վայրերու մշակութային կարեւորութիւնները:
Հիւսիսային Հողամասին մէջ գտնուող Kakadu National Park ազգային զբօսայգին Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին վրայ կը գտնուի, միջավայրի և մշակութային արժէքներուն համար և ամենաշատ ժայռարուեստի գործերը կը գտնուին այնտեղ:
Իր ջրվէժներով, ծովեզերքով և լողի փոսերով, Արեւմտեան Աւստրալիոյ Kimberley շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ ժայռարուեստի գործեր:
Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին վրայ գտնուող Mungo Ազգային Զբօսավայրը հարաւ-արեւմտեան Նիու Սաութ Ուելսի մէջ, հին ցամքած ջրաւազան մըն է և աշխարհի ամենակարեւոր հնագիտական վայրերէն մէկն է: Այստեղ կրնաք հետազօտել, ճամբարել կամ միանալ առաջնորդուած շրջագայութեան մը:
Մշակութային փորձառութիւններ
Ճամբորդներ յաճախ կը մխրճուին փորձառութիւններու մէջ անձամբ մասնակցելով տարբեր զբաղումներու կ'ըսէ Տիկին Միչըլ:
You can be doing an art class, or you can be on the back of a quad bike on the sand dunes up in the Warami area north of Sydney, and you're learning about culture.Nicole Mitchell, Discover Aboriginal Experiences
Great Golf Courses of Australia aboriginal experience
Տեղական համայնքներ օգուտ կը քաղեն զբօսաշրջութենէն
Բնիկներու կողմէ ղեկավարուած զբօսաշրջութիւնը ոչ միայն եկամուտ կը բերէ տեղական համայնքներուն, այլ նաեւ կ’օգնէ մշակութային կայունութեան:
Maruku Arts-ին կը մասնակցին մօտ 900 արուեստագէտներ Կեդրոնական Աւստրալիոյ հեռաւոր համայնքներէն, անոնք իրենց ձեռներէցութիւնները կը կատարեն Բիթճանճարա լեզուով, և այս կ’օգնէ որ լեզուն պահպանուի կը բացատրէ Նիքոլ Միչըլ:
Ուան Ուօքըր կ’ըսէ որ, իր մշակութային զբօսապտոյտները ոչ միայն թոյլ կ’ուտան որ զբօսաշրջիկներուն պատմէ իր ընտանիքի և ապորիճին պատմութեան մասին, այլ նաեւ զինք կապուած կը պահեն երկրին հետ:
As a First Nations Storyteller, Bundjalung man Kyle Ivey guides visitors on a climb of the Sydney Harbour Bridge as part of the Burrawa Aboriginal Climb Experience. Credit: davidf/Getty Images
Մշակոյթ քաղաքային կեդրոններուն մէջ
Ընդհանրացած կարծիք կայ որ Բնիկներու մշակոյթը միայն գոյութիւն ունի հեռաւոր վայրերու մէջ, սակայն կարելի է հանդիպիլ հարուստ պատմութիւններու քաղաքային կեդրոններու մէջ եւս:
Քայլ Այւի, Պունճալունկ մարդ մըն է և Առաջին Ազգերու Հեքիաթասաց մը: Ան այցելուներ կ’առաջնորդէ քալելու Sydney Harbour Bridge կամուրջին վրայ, որպէս մաս Burrawa Aboriginal Climb Experience ապորիճին փորձառութեան:
Բարձրանալու ընթացքին, Պարոն Այւի կը նկարագրէ Բնիկ ժողովուրդներու ժամանումը Աւստրալիա աւելի քան 60,000 տարիներ առաջ: Ան կը պատմէ թէ իր նախնիները ինչպէս ապրեցան հողին վրայ և տեսան թէ ինչպէս փոխուեցաւ եւրոպացի նորաբնակներու ժամանումով:
Մելպըրնի կեդրոնը կրնաք միանալ ուղեկցուած Birrarung Wilam Walk զբօսապտոյտին Yarra River գետի եզերքը տեսնելու համար ապորիճին արուեստի տեղադրումները:
Պիտի լսէք թէ ինչպէս հողը փոխուած է ժամանակի ընթացքին և կարեւորութիւնը որպէս հաւաքի վայր մը տեղական Քուլին ժողովուրդին համար:
, մէկ այլ ապորիճին զբօսաշրջութեան փորձառութիւն մըն է որ կը տրամադրուի Մելպըրնի մէջ: Զբօսապտոյտներէն մէկը Եարրա գետի եզերքն է և մէկ այլ զբօսարշաւ կայ Ֆիցրոյի թաղամասին մէջ:
Թազմանիայի մէջ կրնաք փորձառութիւնը ունենալ ապորիճիններու կողմէ ուղեկցուած nipaluna/Hobart շրջագայութեան: 90 վայրկեան տեւող քայլապտոյտը և ներկայացումը կը պատմեն տեղական Բալաուա ժողովուրդի մասին:
Petermann, Northern Territoty / Australia - December 8, 2019: A tour guide walked through the safety precautions of hiking into Kata Tjuta near a tent Credit: alanlim97/Getty Images
Առաջին Ազգերու զբօսաշրջութիւնը կ’առաջնորդէ համերաշխութիւնը
Նիքոլ Միչըլ կ'ըսէ որ Բնիկներու կողմէ ուղեկցուած փորձառութիւններու միջոցով, բնիկ և ոչ բնիկ ժողովուրդները կը փոխանակեն մշակութային գիտութիւն:
“Այդ մղիչ ուժ մըն է համերաշխութեան,” կ’ըսէ ան:
Subscribe or follow the Australia Explained podcast for more valuable information and tips about settling into your new life in Australia.