Կարեւոր Կէտեր
- Առաջին Աւստրալիացիները հազարաւոր տարիներ հետեւած են Մշակութային վարուելակարգերու:
- Ապորիճին Երէցներ յարգուած համայնքի անդամներ են, որոնք կրնան իրենց ունեցած մշակութային խոր գիտելիքները փոխանցել ուրիշներու:
- Մի վախնաք հարցումներ հարցնելու արարողակարգերու վերաբերեալ, որքան ատեն որ յարգանքով կը վերաբերիք:
- Յարմար և զգայուն լեզու օգտագործելը յարգանք ցոյց տալու աւելի պարզ ձեւ մըն է:
Բնիկներու մշակութային արարողակարգերը հիմնուած են բարոյական սկզբունքներու վրայ, որոնք կը ձեւաւորեն մեր գործող և անձնական յարաբերութիւնները Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներու հետ:
Կարեւոր է սնուցել սոյն յարաբերութիւնները որովհետեւ անոնք Աւստրալիոյ Առաջին Ժողովուրդներն են: Անոնք հողի վերաբերեալ խոր ծանօթութիւն ունին և կրնան շատ բան մեզի սորվեցնել մեր միջավայրի խնամքի վերաբերեալ:
Քարոլայն Հիուզ, Նունաուալ Երէց մըն է ACT-ի և շրջանին համար: Որպէս Ապորիճին Երէց մը, ան շատ յարգուած է իր մշակութային խորին գիտութեան համար:
“Մենք հաւատքի դրութիւններ և մշակութային արարողակարգ ունինք, որոնք հազարամեակներու հնութիւն ունին և տակաւին մեր կեանքերու մասը կը կազմեն այսօր արդի Աւստրալիոյ մէջ,” կ’ըսէ ան:
Հետեւելով մշակութային արարողակարգերուն, մենք կը ճանչնանք անընդհատ կապը որ մեր Առաջին Աւստրալիացիները ունին հողին և իրենց հին սովորութիւններուն հետ:
Առաջին Ազգերու մշակոյթներու շարունակուող սովորութիւններու կողմնակից է Ռոտա Ռոպըրթս, SBS-ի Երէցը:
“Մենք դարերով շարունակած ենք բանաւոր պատմութիւնները, արարողակարգերը և ծիսակարգերը: Սակայն մենք անփոփոխ ժողովուրդներ չենք, մեր փիլիսոփայութիւնն է խնամել երկիրը որ մեր հողն է, մեր ծովը և մեր ջրուղիները և երկինքը:”
Aboriginal dancers perform during the welcome to country before the friendly between AC Milan and AS Roma at Optus Stadium on May 31, 2024 in Perth, Australia. Credit: Paul Kane/Getty Images
Ինչպէս՞ մենք պէտք է դիմենք Առաջին Աւստրալիացիներուն
‘Ապորիճին’ և ‘Թորրես Նեղուցի Կղզեցի’ յարմար է օգտագործել Աւստրալիոյ տարածքին, կ’ըսէ Քարոլայն Հիուզ: Մարդիկ նաեւ ինքզինքին կը նոյնացնեն կապուելով այնտեղէն ուրտեղէն եկած են, ինչպէս ‘Քուրի’ որ յաճախ կը գործածուի Նիու Սաութ Ուելսի և Վիքթորիայի մէջ, ‘Մարրի’ կը գործածուի Քուինզլանտի մէջ և ‘Փալաուա’ Թազմանիայի մէջ:
“Ես կը նախընտրեմ կոչուիլ Նունաուալ կին որովհետեւ այդ իմ Երկիրն է," կ’ըսէ Տիկին Հիուզ:
Իմ Երկիրը իմ լեզուի խումբն է և իմ տոհմական խումբը, և այդ կը տեղեկացնէ այլ Ապորիճին մարդոց թէ ես ուրտեղէն կ’ուգամ:Քարոլայն Հիուզ
Երկու իւրայատուկ Բնիկ ժողովուրդներ
Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներ Բնիկ ժողովուրդներն են կղզիներու, որոնք կը գտնուին Քէյփ Եորք Դերակղզիի ծայրամասէն մինչեւ Փափուա Նիու Կինէի միջեւ և մեծամասնութեամբ մելանէզիական ծագում ունին:
Թոմաս Մայօ, Թորրես Նեղուցի Կղզեցի մըն է և Աւստրալիոյ Ծովային Աշխատաւորական Միութեան Ազգային Քարտուղարի Օգնականը: Ան կ’ըսէ որ Բնիկ ժողովուրդներ շատ բազմազան են:
“Բոլոր Առաջին Ազգերը թեթեւակի տարբեր մշակոյթներ ունին, սակայն յստակ տարբերութիւն կայ Կղզեցիներու և Ապորիճին մշակոյթին միջեւ: Կղզեցիներ կ’ուզեն ճանչցուիլ որպէս իւրայատուկ Բնիկ Ժողովուրդներ:"
Both the Aboriginal and Torres Strait Islander flags are flown alongside the Australian national flag Source: AAP / AAP Image/Mick Tsikas
Օգտագործել յարգալից լեզու
Գլխագիր տարրերով “Բնիկ," “Ապորիճին," “Թորրես Նեղուցի Կղզեցի," “Երկիր" և “Երէց" եզրերը օգտագործելը յարմար են: Սակայն, կրճատումները չափազանց անարգական են կը բացատրէ Քարոլայն Հիուզ:
“Երբէք չկրճատել ‘Ապորիճին’ բառը: Մենք կրճատուած չենք և շատ յստակ ենք այդ հարցով, և վիրաւորական եզրաբանութիւններ կան որոնք մեր սիրտերը կը վիրաւորեն:"
Որոնք՞ են Երէցները
Երէցներ յարգուած համայնքի անդամներ են, որոնք ունին խոր մշակութային գիտելիքներ: Անոնց կը դիմեն որպէս ‘Մօրաքոյր’ և ‘Հօրեղբայր:’ Պատշաճ է որ ոչ բնիկ մարդիկ նախ հարց տան եթէ կրնա՞ն օգտագործել այս կոչումները:
Յաճախ երէցներէն կը խնդրեն որ արարողութեան մը ընթացքին հանդես գան «Բարի Գալուստ Երկիր» ուղերձով:
Ինչ՞ է ‘Բարի Գալուստ Երկիր’
Յօրինուած 1980-ականներուն Ռոտա Ռոպըրթսի կողմէ, Բարի Գալուստ Երկիրը աւանդական բարի գալուստի արարողութիւն մըն է, որ կը կատարուի արարողութեան մը սկզբնաւորութեան յարգելու համար անցեալը: Կրնայ ճառ մը ըլլալ, պար մը կամ ծխումի արարողութիւն մը:
Նմանապէս, ‘Երկրի Ճանաչումը’ կարեւոր բարի գալուստի արարողակարգ մըն է, որ կը տրուի կարեւոր հանդիպումներու ժամանակ և կրնայ կատարուիլ որեւէ մէկուն կողմէ, կ’ըսէ Ռոտա Ռոպըրթս:
Անյարմար լեզու
Երեխաներու բռնի հեռացումի հետեւանքով առաջ եկած պատմական վէրքը կ’ազդէ թէ մարդիկ ինչպէս կը պատասխանեն իրենց կենսագրական տուեալներու վերաբերեալ հարցումներու, կ’ըսէ Քարոլայն Հիուզ:
“Շատ անյարմար է խօսիլ տոկոսի և նոյնիսկ մորթի մասին, աչքի և մազի գոյնի մասին որովհետեւ մեր երեխաները մեծցած են մեր մշակոյթին մէջ, և այդ շատ յատուկ է մեզի համար:" Սպիտակ հասարակութիւնը կամ ոչ-բնիկ հասարակութիւնը մերժեց այս երեխաները, մինչ Ապորիճին մշակոյթին մէջ անոնք նուէրներ են հոգեկան աշխարհէն, մեր ընտանիքներուն, մեր համայնքին և միշտ ընդունուած են:"
Յարգանք ցոյց տալ աւելի սորվելով
Մի վախնաք յարգալից կերպով հարցումներ հարցնելու արարողակարգերու վերաբերեալ, կ’ըսէ Թոմաս Մայօ:
“Կարեւոր է լսել և ընդունիլ բացատրութիւնը և յարգանքով առաջ շարժիլ:”
Պարոն Մայո խորհուրդ կ’ուտայ որ ամէն մարդ կարդայ Ոլուրույի Յայտարարութիւնը Սրտէն որ մատչելի է այստեղ և նեցուկ կանգնիլ ատոր առաջարկներուն:
SBS-ի Երէցը մեզի կը յիշեցնէ որ արարողակարգերը հիմնականին մարդկային էակ մը ճանչնալն է:
Ազնուութեան և կարեկցութեան մասին է, սակայն միշտ կ’ըսեմ որ քաղաքավարութեան մասին է:Ռոտա Ռոպըրթս
This content was first published in May 2022.