Որոնք՞ էին Աւստրալիական Պատերազմները և ինչու՞ այս պատմութիւնը ընդունուած չէ

AusWars_16x9.jpg

The Australian Wars documentary Credit: Blackfella Films

Սահմանային Պատերազմներ եզրը յաճախ կը գործածուի նկարագրելու համար 100 տարիէ աւելի տեւած բուռն բախումները, որոնք տեղի ունեցան Աւստրալիոյ պրիթանական բնակեցումի ժամանակ, գաղութային նորաբնակներու և Բնիկ ժողովուրդներու միջեւ: Հակառակ որ Աւստրալիա երկիր մըն է որ կը պատուէ իր մասնակցութիւնը արտասահմանի մէջ պատերազմներուն, տակաւին չէ ճանչցած Աւստրալիոյ կազմութեան ընթացքին տեղի ունեցած պայքարը:


Կարեւոր Կէտեր
  • Այս պատերազմները կարելի եղաւ միայն ճանչնալ “Ոչ Ոքի Երկիր” յայտարարութիւնը պաշտօնապէս և օրինական կերպով առարկելէ և տապալելէ ետք 1990ական թուականներու սկզբնաւորութեան, որ կը ճանչցուի որպէս Մապօ որոշում:
  • Աւստրալիական պատերազմները տեղի ունեցան երկրի տարածքին, 1788 թուականի առաջին նաւատորմիղի ժամանումէն մինչեւ 1930-ական թուականներու կէսը:
  • Գաղութային արձանագրութիւնները և հնագիտական ապացոյցները, որոնք երեւան հանուած են մասնագէտներու կողմէ, ցոյց կ’ուտան հակամարտութեան սարսափելի մակարդակը:
Բովանդակութեան զգուշացում: Սոյն յօդուածը և դրուագը կը պարունակեն տեղեկութիւններ բռնութիւններու վերաբերեալ, որոնք կրնան վշտացնել որոշ մարդիկ:
 

Երբ ծովափը և ընդարձակ հողատարածքը որ այժմ Աւստրալիա կը կոչենք, ան հռչակեց “Terra Nullius” “Ոչ Ոքի Երկիր”: Սակայն իրականութեան մէջ, կղզի մայրցամաքը տունն էր հարիւրաւոր տարբեր Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներու և ցեղախումբերու: Հարիւր հազարաւոր Բնիկ ժողովուրդներու, որոնք իսկոյն “հպատակ” նկատուեցան Պրիթանական թագաւորութեան:

Այս պատճառ դարձաւ , Բնիկ ժողովուրդներու և նորաբնակներու միջեւ արիւնալի բախումներու, որու հետեւանքով հիմնադրուեցաւ Աւստրալիան: Սակայն այս զարհուրելի պատմութիւնը միայն հիմա սկսած է ճանչցուիլ: 

, Արրենդէ և Քալքատուն կին մըն է եւրոպական ծագումով: 2022 թուականին ան ֆիլմաշարք մը թողարկեց որ կը մանրամասնէ թէ Բնիկ ժողովուրդներ ինչ տեսակ պայքար մղած են պաշտպանելու համար իրենց հողերը պրիթանացի նորաբնակներէն:
Ասոնք պատերազմներն էին որոնք տեղի ունեցան Աւստրալիոյ մէջ, և պատերազմներն էին որոնք կազմեցին արդի Աւստրալիական պետութիւնը:
Ռէյջըլ Բըրքինզ, ֆիլմ արտադրող:
Հակառակ այն իրողութեան որ աւստրալիական պատերազմները տեղի ունեցան երկրի տարածքին, 1788 թուականի առաջին նաւատորմիղի ժամանումէն մինչեւ 1930-ական թուականներու կէսը, այս հակամարտութիւնները չէին դասաւանդուէր դպրոցներուն մէջ կամ նոյնիսկ չէին ընդունուէր որպէս պատերազմ մինչեւ 20րդ դարու վերջաւորութեան: 

Աւստրալիոյ ամենայարգուած պատմաբաններէն մէկն է և պատերազմի մասնագէտ մը: Երբ ան սկսաւ պատմութիւն դասաւանդել 1966 թուականին, գրեթէ նշում չկար Ապօրիճին ժողովուրդի վերաբերեալ պատմութեան գիրքերուն մէջ: 

“Միայն երկու անգամ անցողակի նշում կար Ապօրիճիններու վերաբերեալ, և նոյնիսկ նշուած չէր ցուցակին մէջ,” կ’ըսէ ան:
Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս կ’ըսէ որ մասամբ պատճառը այն էր որ Սահմանային Պատերազմները 20րդ դարու կէսերուն իրական չափերով պատերազմ չէին նկատուէր այլ հակամարտութիւն մը բարդիզանական պատերազմի նման:

“Տեսակէտը այն էր որ շատ փոքր էր և տարածուած որպէսզի պատերազմ նկատուէր: Համազգեստներ չկային, ոչ ալ համաչափ քալող զինուորներ … Երբեք մեծ զօրախումբեր և դասական առումով ճակատամարտեր չկային, սակայն հակառակ ասոնց, յստակօրէն պատերազմի տեսակ մըն էր:”

այլ մասնագէտ մը Աւստրալիական Սահմանային Պատերազմներու, համաձայն է: Ան կ’ըսէ որ այս սխալ պատկերացումը առաջին և երկրորդ համաշխարհային պատերազմներն են, որ փոխեց պատերազմներու ընկալումը:

Սակայն, նման մեծ տարողութեան պատերազմները անսովոր են մարդկութեան պատմութեան մէջ: 

“Այն ժամանակ գիտէին որ պատերազմ է: Գաղութային բոլոր փաստաթուղթերը դէպքերը կը կոչէին պատերազմ, սակայն 20րդ և 21րդ դարերուն, այդ իրողութենէն հեռացանք: Կը կարծեմ նաեւ որ կան քաղաքական դրդապատճառներ թէ ինչու բազմաթիւ մարդիկ չեն կրնար դէպքերը որպէս պատերազմ ճանչնալ,” կը բացատրէ Տոքթ. Քլեմընս:

Այս քաղաքական պատճառները առաջ կուգան օրինական հակասութենէ մը Terra Nullius “Ոչ Ոքի Երկիր” և պրիթանական օրէնքէն: Ապօրիճին մարդիկ Թագաւորութեան հպատակ հռչակուած էին, այսպէս, Կայսրութիւնը «պաշտօնապէս չէր կրնար պատերազմ հռչակել ...եթէ ընէին, պիտի նշանակէր որ պատերազմ կը հռչակեն իրենց քաղաքացիներուն դէմ,” կ'ըսէ Ռէյջըլ Բըրքինզ:

“Սակայն, պրիթանացիներ ռազմական ուժ գործածեցին ապահովելու համար որ իրենց գրաւումը յաջող էր,” կ'աւելցնէ ան:
Frontier War
Frontier conflicts took place across the nation. Source: Supplied / Australian War Memorial Source: Supplied

Մապօ և ‘Ոչ Ոքի Երկիր'ի յեղաշրջում

Աւստրալիական Պատերազմները կարելի էր միայն ճանչնալ “Ոչ Ոքի Երկիր” հռչակումը պաշտօնապէս և օրինական կերպով առարկելէ և տապալելէ ետք, 1990ական թուականներու սկզբնաւորութեան, որ կը ճանչցուի որպէս Մապօ որոշում: 

“Մինչեւ այս ժամանակ, տեսակէտը այն էր որ Ապօրիճիններ հողի տէրը չէին, ուրեմն կռիւը չէր կրնար ըլլալ հողի հսկողութեան համար որովհետեւ որեւէ օրինական իրաւունք չ'ունէին հողին: 1992 թուականէն և այդ որոշումէն ետք, պատերազմի բնութիւնը պէտք է փոխուէր որովհետեւ յստակօրէն պատերազմը միշտ հողի վերահսկողութեան վերաբերեալ եղած էր” կ’ըսէ Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս:

Տոքթ. Քլէմընս կ’ըսէ որ Պրիթանական Կայսրութիւնը չկրցաւ ճանչնալ որ Աւստրալիոյ մէջ հողը կը պատկանէր Բնիկներուն, և այս պատմական արտառոցութիւն մըն է: 

“Պրիթանական գաղութատիրութեան հիմին կար թերի սկզբունք մը: Հակառակ այն բոլոր երկիրները որ Պրիթանիան գաղութացուց, անոնք չճանչցան Բնիկ տէրերու ինքնիշխանութիւնը այստեղ Աւստրալիոյ մէջ: Այս պատճառով, դաշինքներ չկային, բանակցելու փորձեր չեղան տեղացի մարդոց հետ և մինչեւ օրս կը դժուարանանք օրինական տեսակէտէ հասկնալու թէ որոնք են իրենց իրաւունքները հողին վերաբերեալ:” 

Եւ բանակցելու այս ձախողումն է որ առաջնորդեց արիւնահեղութեան:

Գաղութատիրական արձանագրութիւնները և հնագիտական ապացոյցները, որոնք երեւան հանուած են մասնագէտներու կողմէ, ցոյց կ’ուտան հակամարտութեան սարսափելի մակարդակը: 

Միայն Աւստրալիոյ Ազգային Թանգարանի պահեստին մէջ կան 400-է աւելի Ապօրիճին նախնիներու մասունքները, որոնցմէ շատերը ցոյց կ'ուտան մահ որու պատճառը մահապատիժն էր, գլխատումը և ջարդը: 

Ռէյջըլ Բըրքինզ կ’ըսէ որ վերապրողներու ժառանգները միշտ պիտի յիշեն:
A lot of Aboriginal people have been the vessels for carrying with history. Aboriginal people have handed down the stories of what happened to them, to us, in our families. So, I grew up knowing about the massacre of my people in Queensland and I knew about the violent rape of my great grandmother, etc.
Rachel Perkins, Filmmaker.
Rachel Perkins - The Australian Wars
Rachel Perkins - The Australian Wars Credit: Dylan River/Blackfella Films

Սեւ Պատերազմը

Աւստրալիոյ պատմութեան ամենաբուռն սահմանային պայքարն էր:

Աւստրալիական Պատերազմներ շարքին մէջ, Ռէյջըլ Բըրքինզ կը բացատրէ որ “Սեւ Պատերազմներու ժամանակ, աւելի թազմանիացիներ սպաննուեցան քան թազմանիացիներ կեանքերնին կորսնցուցին Քորէայի, Մալէզիայի, Ինտոնէզիայի, Վիեթնամի պատերազմներուն և խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ համատեղ:” 

Տոքթ. Նիքոլաս Քլեմընս կ’ըսէ որ բռնութեան աստիճանը երկու կողմէն այնքան ուժգին էր որ գաղութատիրական իշխանութիւնները և նորաբնակներէն “սարսափած” էին:

“Ապօրիճին դիմադրութիւնը շշմեցուցիչ էր: Գաղութային շրջանակին մէջ, ամէն մարդ գիտէր մէկը որ սպաննուած կամ վիրաւորուած էր Ապօրիճին ժողովուրդին կողմէ, կամ իրենց ագարակները հրկիզուած էին: Սահմռկեցուցիչ էր,” կ'ըսէ ան:
Արդարեւ խոհուն մարդիկ կը մտածէին լքել գաղութը:
Տոքթ. Նիքոլաս Քլեմընս, աւստրալիացի պատմաբան:
Սակայն ի վերջոյ եւրոպացիները գերիշխեցին: Անոնք գրեթէ ոչնչացուցին բնիկ թազմանիացիները: 

Հակամարտութիւնը սաստկացաւ սեռային բռնութեան պատճառով:

“Բռնութեան պատճառը սեռային բռնութիւնն էր” կ’ըսէ Տոքթ. Քլեմընս:

Ապօրիճին կանանց կազմակերպուած բռնաբարումը և առեւանգումը այնքան հասարակ էր, որ որոշ պատմաբաններ որոշ Ապօրիճին ազգերու վերապրումը կը վերագրեն սեռային ոտնձգութիւններուն:
What is Native Title explainer NITV Eddie Koiki Mabo
Eddie Mabo with his legal team. Source: SBS Credit: National Museum of Australia

Պայքարիլ կրակը կրակով

Աւստրալիոյ շատ մը շրջաններուն մէջ, ճնշելու համար Ապօրիճին դիմադրութիւնը, գաղութարարներ ստեղծեցին Բնիկ Ոստիկաններ, մարզուած ռազմականացուած ուժ մը որ կը գործածուէր սարսափեցնելու համար, կը բացատրէ Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս: 

“Կը հաւաքագրէին բնիկ զինուորներ և կ’օգտագործէին որպէս ռազմական ուժ: Անտարակոյս այս գլխաւոր ուժն էր որ կոտրեց Ապօրիճին դիմադրութիւնը,” կ’ըսէ Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս:

Մարդոց կը տրամադրէին համազգեստներ, զէնքեր և ձիեր: Տոքթ. Քլեմընս կը հաւատայ որ անոնց վրայ կը ներազդէին սպիտակ սպաները, որոնք զանոնք կ’օգտագործէին իրենց աւանդական Ապօրիճին գիտելիքներուն համար ինչպէս նաեւ անտառային շրջաններու մէջ իրենց ձիրքերուն համար:

“Միայն Քուինզլանտի մէջ բնիկ ոստիկանութեան պատճառած զոհերը տասնեակ հազարաւոր էին: Կ’ենթադրուի որ 60-էն 80,000 է որ բացարձակ ցնցիչ է,” կ’ըսէ ան:

Բոլոր այս պատմութիւննեըը Ռէյջըլ Բըրքինզ պէտք է որ դիմագրաւէր “Աւստրալիական Պատերազմներ” վաւերագրական հաղորդաշարի պատրաստութեան ժամանակ: 

“Ձայնագրութիւն մը գտայ որ մեծ մայրս կատարած էր խօսելով իր մօր ընտանիքի մասին որ ջարդուած էր, որ նախապէս լսած չէի և նախապէս պատահած այդ վայրը չէի եղած մինչեւ որ վաւերագրական ֆիլմը պատրաստեցի,” կ’ըսէ ան: 

Տոքթ Քլեմընս, որու նախնիները նորաբնակներ էին, կը հաւատայ որ բոլոր աւստրալիացիները պէտք է յաղթահարեն ամօթի զգացումը և լոյս սփռեն անցեալի անարդարութիւններուն վրայ:

“Անկախ այն հանգամանքէն թէ մէկու մը նախնիները մաս կազմած էին կամ ոչ, բոլորս ալ ժառանգորդներն ենք Ապօրիճիններու հողին, որ գողցուած հող է: Նուազագոյնը, բոլորս դեր ունինք կատարելիք բացայայտելով այս պատմութիւնը, համաձայնութեան գալու այս պատմութեան հետ և դեր խաղալու դրական ապագայի մը համար:”
Nowhere was resistance to white colonisers greater than from Tasmanian Aboriginal people, but within a generation only a few had survived the Black War.
Nowhere was resistance to white colonisers greater than from Tasmanian Aboriginal people, but within a generation only a few had survived the Black War. Source: The Conversation / Robert Dowling/National Gallery of Victoria via The Conversation Source: The Conversation / Robert Dowling/National Gallery of Victoria via The Conversation

Ինչու՞ այս պատմութիւնը չի յիշատակուիր

Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս կը հաւատայ որ Աւստրալիա, երկիր մը որ կը յարգէ իր զոհուած զինուորները իր բազմաթիւ պատերազմի յուշակոթողներով, պէտք է բացայայտօրէն ճանչնայ այն իրողութիւնը որ Սահմանային Պատերազմները տեղի ունեցած են և լի էին մարդկութեան դէմ ոճրային արարքներով:

Ռէյջըլ Բըրքինզ կ’ըսէ որ “Աւստրալիա եզակի այն վայրերէն է աշխարհի մէջ ուր գաղութատէրեր չլքեցին:”
Գաղութատէրեր կամ նորաբնակները, որոնք եկան իրենց հետ, իշխանութեան վրայ մնացին, ուրեմն կը կարծեմ որ աւելի դժուար կը դարձնէ երկրին համար որ ճանչնայ և նշէ անոնց որոնք երկիրը պաշտպանեցին որովհետեւ գաղութային գրաւող ուժը տակաւին լքած չէ:
Ռէյջըլ Բըրքինզ ֆիլմ արտադրող:
Տոքթ. Քլեմընս կը հաւատայ որ ‘որպէսզի չմոռնանք’, նախադասութիւնը որ սովորաբար կը գործածուի պատուելու համար աւստրալիացի զոհուած զինուորները, պէտք է տարածել նաեւ այն ռազմիկներուն վրայ որոնք պատերազմեցան պրիթանացի գաղութարարներու դէմ:

կրնաք դիտել SBS On Demand կայքէն և մատչելի է հինգ լեզուներով. պարզեցուած չինարէն, արաբերէն, աւանդական չինարէն, վիեթնամերէն և քորէերէն: Հաղորդաշարը նաեւ մատչելի է ձայնային նկարագրութիւններով և ենթավերնագիրներով կոյր կամ տեսողութեան խնդիրներ ունեցող անձերուն համար:
This content was first published in September 2022.

Share