Աւստրալիոյ Բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթը և ներկայութիւնը կը գոյատեւէ հազարաւոր տարիներէ ի վեր:
Ծիր Կաթինէն մինչեւ ասուպներ և լուսնի տարբեր շրջաններ, շատ բաներ կան սորվելիք Բնիկներու աստղաբաշխութենէն և աստղերու գիտութենէն:
Աստղաբաշխութիւնը երկնային իրերու և երեւոյթներու ուսումնասիրութիւնն է և Աւստրալիոյ Բնիկներու աստղաբաշխութիւնը կը վերաբերի աստղերու մասին անոնց խոր գիտութեան և հողին հետ աստղաբաշխութեան ունեցած կապին հետ, այն հասկացողութեամբ որ ամէն ինչ որ կը պատահի հողին վրայ, կ’արտացոլայ երկնքին մէջ:
Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդին համար, երկինքը կը տեղեկացնէ մշակութային սովորութիւններու մասին, որոնք փոխանցուած են բանաւոր աւանդութիւններով հազարաւոր սերունդներէ, պատմութիւններու, երգերու, արարողութիւններու և արուեստի միջոցով:
Moon over the Sydney Harbour Bridge – image Eclipse Chasers.
“60.000 տարիէ աւելի, Առաջին Ազգերու ժողովուրդը վերը երկինք նայած է հասկնալու համար մեր շուրջի աշխարհը, օգտագործելով աստղերու, մոլորակներու, լուսնի, արեւու և մթնոլորտի մեր գիտութիւնը, կրնանք գուշակել եղանակներու փոփոխութիւնները և մակընթացութիւնը ճամբորդելու համար ցամաքի և ջուրի վրայէն և ծրագրելու ուտելիքի հաւաքում, որսորդութիւն, առեւտուր կամ արարողութիւններ,” կը բացատրէ Աունթի Ճոան:
Ինչպէս Աունթի Ճոան կը բացատրէ, Բնիկներու աստղերու գիտութիւնը միջոց մըն է Առաջին Ժողովուրդներու համար որ հասկնան աշխարհը, որու մէջ անոնք կ’ապրին և իրենց դերը և պատասխանատուութիւնները այդ միջավայրին մէջ:
Տուան Համաքըր Փրոֆէսօր մըն է Մշակութային Աստղաբաշխութեան Մելպըրն Համալսարանի Բնագիտութեան Դպրոցին մէջ, ան կ’աշխատի Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի համայնքներու հետ գրանցելու համար անոնց աւանդական գիտելիքները:
Երէցները կը բացատրեն որ ամէն ինչ որ երկնքի մէջ է կապուած է հողին հետ: Ուրեմն, եթէ կ’ուզէք գիտնալ թէ մեզ շրջապատող աշխարհը ինչպէս կը գործէ, պէտք է աստղերուն նայիք:Duane Hamacher.
“Մարդկութիւնը միշտ մօտիկ կապ պահած է երկնքի հետ: Աստղերը մեզի կ’օգնեն հասկնալու տիեզերքը և ժամանակը: Անոնք կը ծառայեն որպէս քարտէզ մը,” կ’ըսէ Տուան Համաքըր:
Երկնքի մէջ ամէն ինչ նշանակութիւն մը և նպատակ մը ունի և Արեւու, լուսնի և աստղերու շարժումները կը գործածուին կանխագուշակելու համար միջավայրի փոփոխութիւնները ինչպէս տարուայ եղանակները, եղանակի փոփոխութիւնները և կենդանիներու և բոյսերու վարուելակերպը:
The Australian sky at night - Image Ken Cheung.
“Եթէ կ’ուզէք գիտնալ թէ երբ անձրեւ պիտի գայ, վեր նայեցէք: Երբ կ’ուզէք գիտնալ թէ երբ պիտի ցանէք կամ քաղէք, վեր նայեցէք: Պէտք է սորվիք կարդալ աստղերը և ձեր միջավայրը հասկնալու համար թէ ինչ՞ կ’ըսեն ձեզի”:
Աշխարհին նայելու այս ամբողջական եղանակը հիմնական է Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի մշակոյթներուն համար, կ’ըսէ Տուան Համաքըր:
Իւրաքանչիւր գիշեր, արեւելեան երկնքի մէջ, աստղերը կը բարձրանան չորս վայրկեան աւելի կանուխ քան նախորդ օրը: Տարուայ ընթացքին, աստղերը լման շրջանակ մը կը կազմեն մինչ երկիրը կը շարժի արեւուն շուրջը:
Երկնային շրջանի այս փոփոխութիւնը կը համընկնի հողի վրայ փոփոխութեան հետ: Ինչպէս Աունթի Ճոան կը բացատրէ, Երկնքին մէջ Ջայլամը, Կամ Մութ Ջայլամը, յայտնի համաստեղութիւն մըն է որ տեսանելի է Ծիր Կաթնի մութ շրջաններով:
The Dark Emu rising - Image Geoffrey Wyatt.
“Այս կը համապատասխանէ այն ժամանակուայ հետ որ ջայլամներ կը վերարտադրուին,” կ’ըսէ Տուան Համաքըր:
Երկնային աւստրալիական ջայլամը պատկերուած է նաեւ աւանդական պատմութիւններուն մէջ, որոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին Առաջին Ազգերու ժողովուրդին կողմէ, և կը պարունակէն կարեւոր գիտական տեղեկութիւններ:
Անցողիկ երկնային այլ երեւոյթներ, ինչպէս ասուպներ, նոյնպէս նշանակութիւն ունին Բնիկներու մշակոյթներուն մէջ:
Aunty Joanne Selfe - Image supplied. Associate Professor Duane Hamacher, image – Amanda Fordyce.
Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու և աստղերու միջեւ յարաբերութիւնը կը ներառնէ ինքնութեան և պատկանելիութեան զգացում մը բնական աշխարհին հետ:
In First Nation’s astronomy, the origins of the universe go back, way way back to the Tjukurrpa. Westerners refer to that as the Dreaming, but basically, it’s the time long long ago, when all of what exists came to be.Aunty Joanne
Այսպէսով, Բնիկներու աստղերու գիտութիւնը անբաժանելի մասն է որ կը կապէ անցեալը, ներկան և ապագան գիտութեան ամբողջական դրութեան մը մէջ, որ կեդրոնական է Առաջին Ազգերու մշակոյթին համար:
Subscribe or follow the Australia Explained podcast for more valuable information and tips about settling into your new life in Australia.