Բնիկներու աւանդական բժշկութեան իմաստութիւնը

Debbie Watson.jpg

Traditional healer Debbie Watson

Բնիկներու բժշկութեան գիտելիքները հասկնալը և յարգելը կրնայ աւելի ամբողջական և մշակութային տեսակէտէ աւելի յարմար և զգայուն խնամք տրամադրել այսօրուայ առողջապահական դրութեան մէջ:


ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
  • Առաջին Ազգերու ժողովուրդներուն համար, առողջութիւնը ամբողջական հասկացութիւն մըն է, բարդ յարաբերութիւն մը ֆիզիկական, յուզական, հասարակական և հոգեկան բարեկեցութեան միջեւ:
  • Աւանդական բուժումը խառնուրդ մըն է շօշափելիին և հոգեկանին:
  • Աւանդական բուժողներ իրենց գիտելիքները և բուժումի կարելիութիւնները կը ժառանգեն սերունդէ սերունդ:
  • Աւանդական բժշկութիւնը և արդիական բժշկութիւնը կրնան միասին գործել և մշակութային աւելի զգայուն խնամք տրամադրել:
Առաջին Ազգերու ժողովուրդներուն համար, առողջութիւնը աւելին է քան հիւանդութեան կամ վատառողջութեան բացակայութիւնը: 

Այսպէս, Բնիկներու աւանդական բժշկութիւնը միայն կեդրոնացած չէ ֆիզիկական վատառողջութեան վրայ, կը փորձէ նաեւ հաւասարակշռել բարեկեցութեան տարբեր կէտերը: 

Տոքթ Ալանա Կալ, Թրուլուէյ կին մը Լուդրուվիթայի հիւսիս արեւելեան ծովեզերքէն, երիտասարդ տարիքէն հետաքրքրուած է աւանդական բժշկութեամբ: 

“Տան մէջ, միշտ կ’օգտագործէինք տարբեր բնական դեղեր և բոլոր տարբեր հմտութիւնները, որով տարբեր արարողութիւններ և հոգեկանութիւնը իմ կեանքի մեծ մասը կը կազմէին”:
Dr Alana Gall.jpg
Dr Alana Gall
Ան բնաբուժական բժշկութեան յետ-տոքթորական հետազօտող մըն է Southern Cross համալսարանին մէջ և բազմաթիւ ջատագովական դերեր ստանձնած է, ներառեալ Բնիկներու աւանդական բժշկութեան տնօրէնի պաշտօնը: 

Ան կ’ըսէ որ "bush medicine" եզրը, յաճախ փոխադարձաբար գործածուած աւանդական բժշկութեան հետ, կրնայ սահմանափակել աւանդական բժշկութեան հասկացողութիւնը: 

Մարդիկ կրնան կարծել որ ֆիզիկական բան մըն է ինչպէս ներս շնչուած կամ բերանէն առնուած դեղեր: 

Սակայն, մեր դեղերը աւելին են քան միայն ներս շնչուած կամ բերանէն առնուած դեղեր կը բացատրէ ան: 

“Աւանդական բժշկութիւնը կրնայ ընդգրկել բուժումի արարողութիւններ, հոգեկան բուժում և աւանդական բուժողներ:”
We also see our Country, our lands, as healers as well. So we have a Country of medicine as well. But underpinning all that is what people commonly talk about now, as our ways of knowing, being and doing.
Dr Alana Gall

Աւանդական բուժողներ

Տէպի Ուաթսըն նկանկքարի մըն է կամ աւանդական Ապորիճին բուժող մը Բիբալյադճարա շրջանէն, Հարաւային Աւստրալիոյ Անանկու Բիդճանճադճարա Եանքունյադճադճարա հողերէն: 

Նկանկքարի բուժողներ կ’օգնեն որ վերականգնուի հոգին, որոնք իրենք կը նկատեն մարդկային մարմնին կեդրոնական բաղադրիչը: 

"Ես մարդիկ կը բուժեմ ձեռքերովս: Ես ներսը կը տեսնեմ և կը զգամ իրենց եռանդը և ինչ որ իրենք ունին իրենց ներսը և նաեւ կ’աշխատիմ հոգիին հետ:" 

Տիկին Ուաթսըն կը բացատրէ որ եթէ հոգին տեղահան եղած է կամ խցանուած, կրնայ ցաւ, անձկութիւն և այլ ախտանիշներ պատճառել: 

"Հոգին չի կրնար վնասուիլ," կ’ըսէ ան: 

Մարդիկ բուժելու ձիրքը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: 

Տիկին Ուաթսըն բուժողներու երկար սերունդէ կ’ուգայ: Ան ձիրքը սորվեցաւ իր հօրմէ երբ տակաւին երիտասարդ աղջիկ էր: 

"Հայրս ինծի սորվեցուց բուժող մը ըլլալ, զօրաւոր բուժող մը:"
Debbie Watson 2.jpg
Debbie Watson
Տիկին Ուաթսըն տնօրէնն է և համահիմնադիրը Aṉangu Ngangkaṟi Tjutaku Aboriginal Corporation (ANTAC) ձեռնարկութեան, Ապորիճին բուժողներու Աւստրալիոյ առաջին ընկերակցութիւնը: 

Ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը նեցուկ կը կանգնի և կը պահպանէ դարաւոր հին հմտութիւնները միեւնոյն ժամանակ առողջական ծառայութիւններ տրամադրելով Ապորիճին և ոչ Ապորիճին ժողովուրդներուն: 

Տոքթ Ֆրանչեսքա Փանցիրոնի համա-հիմնադիրն է և Գործադիր Տնօրէնը ANTAC-ի:

Անոր հետաքրքրութիւնը Ապորիճին աւանդական բժշկութեան հանդէպ և այդ նիւթի շուրջ գրականութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ որ իտալացի մտաւորականը այդ նիւթով զբաղի: 

Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ նկանքարիներու հետ կապ հաստատելէ և համայնքին հետ խորհրդակցելէ ետք, Տոքթ Փանցիրոնի այն եզրակացութեան եկաւ որ նման ծառայութիւններ աւելի դիւրամատչելի պէտք է ըլլան:
Dr Panzironi and Debbie Watson.jpg
From left, Dr Francesca Panzironi and Debbie Watson
Մարդիկ իսկապէս կ’ուզէին: Միայն տեսութիւն չէր: Մարդիկ աւելի լաւ կը զգային, մարդիկ ատոնց կարիքը ունէին:
Dr Francesca Panzironi
Այսօր, ANTAC աւանդական բուժումը մատչելի կը դարձնէ հանրութեան, առողջապահական ծառայութիւններէ մինչեւ ուղղիչ ծառայութիւններու և որեւէ այլ հաստատութեան որ հետաքրքրուած է սորվելու և փորձելու: 

Մինչ աւանդական բուժումը չի փոխարինէր արդի բժշկութիւնը, սակայն կրնայ միատեղ գործել և մշակութային աւելի զգայուն խնամք տրամադրել անոնց հարցերուն կ’ըսէ Տոքթ Փանցիրոնի:

“Կրնայ ձեռք ձեռքի միասին աշխատիլ”

Պրէթ Ռոլինկ սերած է Պանկորի և Մաթորա ժողովուրդներէն և վերլուծական քիմիագէտ մըն է: 

Ան կ’ըսէ որ աւանդական և արդի բժշկութիւնները, երեսանց կը թուի թէ իրար հակառակ են սակայն կրնան զիրար լրացնել, տրամադրելով երկու տարբեր եզակի տեսակէտներ:
One, it’s our oral story, teachings and morals with the secrets, and the other side is the white fella ways of working, the data and analysis. They’re two polar opposites, but two very complementary ways.
Brett Rowling
Brett Rowling.jpg
Brett Rowling
“Սկսած ենք ժամանակի սկզբնաւորութենէն: Ամէն ինչ ունէինք: Այսինքն սպասումի մէջ չէինք որ սպիտակ մարդը գայ բացատրելու թէ ինչպէս պէտք է գործենք: Մենք արդէն ամէն ինչ ունէինք, տարբեր դեղեր և մասնագիտական հմտութիւններ:” 

Այնքան շատ բաներ կան որոնցմէ աշխարհ կրնայ օգտուիլ այս գիտութենէն, կ’ըսէ Տր Կալ: 

“Աւստրալիոյ մէջ, մենք աշխարհի ամենահին շարունակուող մշակոյթն ենք: Ուրեմն, գիտելիքներ ունինք հողի խնամքի և բժշկութեան վերաբերեալ ինչպէս կ'ընենք դարերով: 

Արդի գիտութիւնը կրնայ նաեւ անհրաժեշտ տուեալները և վերլուծութիւնները տրամադրել քննելու համար աւանդական դեղերու ապահովութիւնը:

Գիտելիքներու պաշտպանութիւն

Սակայն, առանց գիտութիւններու յարմար պաշտպանութեան, որոշ համայնքներ չեն ուզեր տրամադրել իրենց գիտելիքները և որոշ պարագաներու, տարեցներ կը մահանան իրենց հետ տանելով իրենց գիտութիւնը կը բացատրէ Տր Կալ: 

“Իրականութիւնը այն է որ մեր գիտելիքները պաշտպանուած չեն: Այդ կը նշանակէ որ մեզի համար ապահով չէ այդ գիտելիքները ձրիօրէն տրամադրել:” 

Ան կ’ըսէ որ դեղագործական, գեղարարական և հողագործութեան ընկերութիւններ կրնան այդ գիտելիքները առնել ելեկտրականացնել և զգալիօրէն շահ ապահովել:

Այս պատճառով, այն մարդիկը որոնք այդ գիտութիւնը ունին հնարաւորութիւն պիտի չ’ունենան օգտուելու ատոնցմէ կ’ըսէ ան: 

Տր Կալի երկարաժամկէտ ծրագիրն է դրութիւն մը հաստատել ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ տարածել այս գիտելիքները մարդկութեան առողջապահութեան օգուտին համար:

Share