Մենք, 2017 Ազգային Սահմանադրական Համագումարին հաւաքուածներս, գալով հարաւային երկնքի բոլոր կէտերէն, այս յայտարարութիւնը կ'ընենք՝ սրտանց: Մեր Ապորիճինի եւ Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ցեղերը, Աւստրալիական ցամաքամասի եւ անոր յարակից կղզիներու առաջին ինքնիշխան Ազգերն էինք եւ անոր կը տիրապետէինք մեր սեփական օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն համաձայն: Այդ ըրին մեր նախնիները, մեր մշակոյթի հաշուարկի համաձայն, Ստեղծագործութենէն իվեր, ընդհանուր օրէնքի համաձայն՝ «անյիշելի ժամանակներէ» եւ գիտութեան համաձայն՝ աւելի քան 60,000 տարի առաջ: Այս ինքնիշխանութիւնը հոգեւոր հասկացողութիւն մըն է. Նախնիներու կապը հողին, կամ «մայր բնութեան» եւ անկէ ծնած Ապորիճինի եւ Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներուն միջեւ, կապուած կը մնայ ատոր, եւ օր մը պէտք է վերադառնայ այնտեղ՝ միանալու մեր նախնիներուն: Այս օղակը, հողի, պատկանելիութեան հիմն է, կամ աւելի ճեշդ՝ ինքնիշխանութեան: Այն երբեք չէ յանձնուած կամ շիջած, եւ կը գոյակցի Գահի ինքնիշխանութեան հետ: Ինչպէ՞ս կարելի է այլ կերպ ըլլալ: Ժողովուրդներ որոնք վաթսուն հազարամեակ կը տիրապետէին հողի մը եւ այս սուրբ օղակը անհետանա՞յ աշխարհի պատմութենէն ընդհամէնը երկու հարիւր տարուայ ընթացքին: Սահմանադրական էական փոփոխութեամբ եւ կառուցուածքային բարեփոխումներով, կը հաւատանք որ այս հնագոյն ինքնիշխանութիւնը կրնայ փայլիլ որպէս Աւստրալիոյ ազգային պատկանելիութեան լիարժէք արտայայտութիւն: Համապատասխանաբար մենք, մոլորակին մէջ ամենաազատազրկուած ժողովուրդն ենք: Մենք բնածին ոճրագործ ժողովուրդ չենք: Մեր երեխաները աննախընթաց չափով կ'օտարացուին իրենց ընտանիքներէն: Այդ չի կրնար ըլլալ որովհետեւ մենք սէր չունինք անոնց հանդէպ: Եւ մեր երիտասարդութիւնը անպարկեշտ թիւերով կը տանջուի կալանքի տակ: Անոնք պէտք է ըլլան մեր ապագայի յոյսը: Մեր ճգնաժամի այս չափերը, պարզօրէն կը յայտնեն մեր խնդրի կառուցուածքային բնոյթը: Այս է մեր անզօրութեան տանջանքը: Մենք կը ձգտինք սահմանադրական բարեփոխումներու՝ մեր ժողովուրդին հզօրացնելու համար, եւ մեր երկրին մէջ արժանի տեղ գրաւելու համար: Երբ մենք իշխանութիւն ունենանք մեր ճակատագրին վրայ, մեր երեխաները պիտի ծաղկին: Անոնք պիտի քալեն երկու աշխարհներու մէջ, եւ անոնց մշակոյթը նուէր մը պիտի ըլլայ իրենց երկրին: Մենք կոչ կ'ընենք Սահմանադրութեան մէջ Բնիկներու Ձայնի մը ամրագրման: Մաքարրաթան (Makarrata) մեր օրակարգի գագաթնակէտն է. պայքարէ մը ետք միասին գալ: Այդ կը գրաւէ Աւստրալիոյ ժողովուրդին հետ արդար եւ ճշմարիտ յարաբերութիւններու, եւ մեր երեխաներուն համար աւելի լաւ ապագայի մը մեր ձգտումները՝ հիմնուած արդարութեան եւ ինքնորոշման վրայ: Մենք կ'ակնկալենք որ Մաքարրաթա Յանձնաժողովը վերահսկէ կառավարութիւններու եւ Բնիկ Ժողովուրդներու միջեւ համաձայնութիւն կայացնելու, եւ մեր պատմութեան մասին ճշմարտութիւնը պատմելու գործընթացներուն: 1967-ին մենք համրուած էինք, 2017-ին մենք կը ձգտինք լսելի դառնալ: Մենք կը թողունք մեր նախնական ճամբարը եւ կը սկսինք մեր արշաւը այս հսկայական երկրի մէջէն: Կը հրաւիրենք ձեզ քալել մեզի հետ Աւստրալիացի ժողովուրդի շարժման մէջ, աւելի լաւ ապագայի մը համար:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար խնդրեմ այցելել Ուլուրուի Յայտարարութիւն Սրտէն պաշտօնական կայքը կամ կապ հաստատել Բնիկներու Օրէնքի Կեդրոնին հետ - Indigenous Law Centre, UNSW
կը ներառէ աւելի քան 20 Ապորիճին լեզուներ ( Հիւսիսային Հողամասի և Հիւսիս Արեւմտեան Աւստրալիոյ համայնքներէն), որոնք պիտի շարունակեն աճիլ մինչ Բնիկ Ժողովուրդներու աւելի շատ լեզուներ կը թարգմանուին: Հաւաքածոն կը ներառէ նաեւ աւելի քան 60 լեզուներ Աւստրալիոյ Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներէն: